Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի մէջ հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ

Աշխատանքային այցով Ռուսիա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յարկին տակ՝ աշխատանքային ճաշ ունեցած է տեղի հայ համայնքի, ներառեալ՝ գործարար հատուածի ներկայացուցիչներու հետ:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարչապետը անոնց ներկայացուցած է տնտեսութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, անդրադարձած հարկային, մաքսային վարչարարութեան պարզեցման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, եւ ընդհանուր առմամբ, գործարար միջավայրի բարելաւման միտուած քայլերուն, որոնք գործադիրը կը նախատեսէ կեանքի կոչել յառաջիկային:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումն ու գործարար կապերու շարունակական ընդլայնումը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն աճով, համատեղ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացումով եւ պատրաստ է այդ ուղղութեամբ իրականացնելու անհրաժեշտ քայլեր: