Յունիս 3-ին, Վիրահայոց թեմի Պաթումի Ալեքսանդր Մանթաշեանց կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ միաժամանակ նշուեցաւ երեք տօն՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «Ելն ի Վիրապ»-ը, Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածինը եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenianchurch.ge-ը։
Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեան մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Յընթացս Սուրբ Պատարագի՝ Պատարագիչ քահանան՝ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի կարեւոր օրերուն մասին՝ անդրադառնալով անոնց պատմութեան:
Տօնական հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ Ալեքսանդր Մանթաշեանց կեդրոնին մէջ: Բանալով հանդիսութիւնը, կեդրոնի տնօրէն Սոնա Յովհաննիսեան ներկաները շնորհաւորեց հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ բեկումնային Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ազատամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով ու բեմահարթակը տրամադրեց կեդրոնի ստեղծագործական խումբերու սաներուն եւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն:
Իրար յաջորդեցին «Աղբիւր» երգչախումբի, «Հեղնար» պարախումբի եւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» վարժարանի սաներուն ներկայացուցած հայրենասիրական, ազգագրական ուրախ երգն ու պարը՝ ստեղծելով տօնական տրամադրութիւն: Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Պաթումի ժողովրդական թատրոնի անդամներուն կողմէ ներկայացուած Սարդարապատի ազատամարտէն դրուագի մը բեմադրութիւնը:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Պաթումի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» նախակրթարանի սաներուն ներկայացուցած հայրենասիրական յաղթական ելոյթով: