Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւնը Կրնայ Կայանալ Նոյեմբերին Կամ Դեկտեմբերին. Նախաձեռնող Խումբի Խօսնակ

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները կրնան տեղի ունենալ 2017 թուականի Նոյեմբերի վերջը կամ Դեկտեմբերի սկիզբը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին «Ակօս»-ին յայտնած է պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի կազմակերպման հարցերով զբաղող Նախաձեռնող խումբի խօսնակ, իրաւաբան Սեպուհ Ասլանգիլը:

Ան յայտնած է, որ նախ իրենք պիտի կազմեն եւ պիտի հրապարակեն ընտրողներու ցուցակները, որմէ ետք հարկաւոր է ժամանակ հնարաւոր բողոքները ուսումնասիրելու համար: Նոյն գործընթացը տեղի պիտի ունենայ պատրիարքի հաւանական թեկնածուներու անուններու հրապարակումէն ետք:

«Այս բոլորը, բնականաբար, ժամանակատար գործողութիւններ են: Եթէ այս գործընթացի ընթացքին մեծ թիւով բողոքարկումներու հետեւանքով որեւէ արգելք չըլլայ, ապա կը կարծեմ, որ Նոյեմբերի վերջը կամ Դեկտեմբերի սկիզբը կարելի ըլլայ պատրիարքի ընտրութիւնը իրականացնել»,- յայտնած է ան:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական Աթոռը Յուլիս 12-ի առաւօտեան հրապարակած է պաշտօնական զեկոյց Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնող խումբի դիւանի կազմութեան մասին: Պատրիարքարանի զեկոյցին մէջ նշուած է Յուլիս 4-ին տեղի ունեցած նիստի ժամանակ Նախաձեռնող խումբի կազմութեան փաստը: Բացի այդ, արձանագրուած է, որ Յուլիս 10-ին Նախաձեռնող խումբը գումարած է անդրանիկ նիստ մը, որուն ժամանակ ընտրուած է դիւանի կազմը:

Զեկոյցի բովանդակութեան կարեւորագոյն մասը այն է, որ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի այս փուլի բոլոր մանրամասնութիւնները Սթամպուլի նահանգապետարանի միջոցով փոխանցուած են Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան: