Պուէնոս Այրէսի Մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վերանորոգուած Շքեղ Կեդրոնի Բացումը

Երեքշաբթի՝ 14 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրէսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնովին վերանորոգուած  եւ արդիականացուած շքեղ Կեդրոնին բացումը:

Հարաւային Ամերիկայի հայկական սպանախօս մեծ գաղութին սիրտը կարելի է համարել Արժանթինայի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի աշխոյժ եւ բազմանդամ գաղութը:    Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը որ վերջին դարու վերջին տասնամեակներուն աշխոյժ գործունէութեամբ կարողացաւ իրագործել բազմաթիւ Կեդրոններու կառուցումը յատկապէս Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, արդէն իսկ 1998-ին իրագործած էր Պուէնոս Այրէսի իր Կեդրոնը որ կը գտնուի մայրաքաղաքի սրտին վրայ Արմէնի փողոցին վրայ:

Ահա այս կեդրոնն է որ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին ենթարկուեցաւ վերանորոգման  եւ արդիականացման հիմնական մեծ աշխատանքի մը: Ի վերջոյ վերանորոգած կեդրոնին  հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ անցեալ Երեքշաբթի օր Մարտի 14-ին ներկայութեամբ Միութեան անդամներուն եւ գաղութի ազգային տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներէ կազմուած հոծ բազմութիւն մը:

Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմի հոգեւորական դասին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին եւ հովանաւորութեամբը յատկապէս այս առիթով հրաւիրուած՝ Թ. Մ. Մ.-եան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Երուանդ Ազատեանին:

Վերանորոգման մեծ աշխատանքները կատարած էին, Միութեան աշխոյժ անդամակցութենէն կազմած յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ գլխաւորութեամբ գաղութի ծանօթ ազգայիններէն եւ Թ.Մ.Մի եւ Ռ.Ա.Կ.-եան ղեկավար անդամներէն՝ Պրն. Սերխիօ Նահապետեանին իր կողքին ունենալով գեղարուեստական իր նրբաճաշակ կողակիցը՝ Տիկ. Սուսաննա Տէր Կարապետեանը: Անհրաժեշտ է յիշել այստեղ թէ աւելի քան կիսադարեան գործունէութիւն ունեցող Պուէնոս Այրէսի Թ.Մ.Միութիւնը նաեւ կը հրատարակէ գրեթէ նոյնքան տարիներէ ի վեր երկլեզու իր շաբաթաթերթ Սարտարապատը: Բացման առիթով յատուկ եւ պատշաճ կերպով յիշատակի տախտակ մը ձօնուեցաւ այս մասնաճիւղի հիմնադիրը նկատուող հանգուցեալ Նահապետ Նահապետեանին:

Յանուն Գանատայի Թ.Մ.Մի եւ Ռ.Ա.Կ.-եան մեծ ընտանիքին բոլոր անդամներուն մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Արժանթինահայ մեր քոյր միութեան եւ անոնց կը մաղթենք երկար տարիներու ազգօգուտ բեղուն գործունէութիւն:

 

Ռ.Ա.Կ. Էօժէն Բաբազեան Ակումբ

    Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.-իւն

     «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթ