Սբ․ Գէորգի տօնը Ախալցխայի մէջ

Մայիս 6-ին, Սբ․ Գէորգի տօնը մեծ տօնախմբութեամբ նշուեցաւ Ախալցխայի շրջանի Փոքր Պամաճ գիւղի Սբ․ Գէորգ մատուռին մէջ։ Պատարագիչ՝ Ախալցխայի եւ յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տէր Թորգոմ քհնյ․ Վարդանեանը յաւուր պատշաճի մեկնեց օրուան խորհուրդը։ Պատարագի աւարտին Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ` Հոգշ․ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանը եւ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տէր Թորգոմ քհնյ․ Վարդանեանը ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը շնորհաւորեցին տօնին առիթով։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութիւնը պատրաստած էր համերգային ծրագիր։ Մինչեւ համերգային ծրագիրին մեկնարկը՝ Հոգեւոր Տեսչութիւնը կատարեց մատաղի օրհնութիւն, որմէ ետք մատաղը բաժնուեցաւ ներկաներուն։

Պամաճ գիւղի Բուրալ կոչուող վայրին մէջ համերգային ծրագիրով հանդէս եկան՝
«Ախալցխայ» երգի եւ պարի խումբը,
քաղաքի հայկական թիւ 3 հանրային դպրոցի աշակերտները,
Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակոյթային կեդրոնի «Գոհանամք» խումբը:

Սուրբ Գէորգ տօնի ձեռնարկին կազմակերպիչները անակնկալներ պատրաստած էին մասնակիցներուն համար։ Ձեռնարկին աւարտին՝ Հոգեւոր Տեսչութիւնը բարերարներուն անունով պարախումբերը արժանացուց դրամական պարգեւի, որ իւրաքանչիւրին համար կազմեց 100 լարի։