Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման եւ վերջիններուս աջակցութիւն տրամադրելու հարցով դիմած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչին, Եւրոպական մարդու իրաւունքի պաշտպաններու հիմնարկին, Միջազգային մարդու իրաւունքի պաշտպաններու հիմնարկին, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ղեկավարներուն:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին համաձայն, միջազգային կառոյցներուն ուղղուած նամակներուն մէջ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր մտահոգութիւնը յայտնած է մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն պատճառով հայերու մահուան եւ վնասներ կրելու դէպքերուն առնչութեամբ` խնդրելով այդ մարմիններուն իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գործօն աջակցութիւն ցուցաբերել: