Սփիւռքահայ բժիշկները պատրաստ են Հայաստանի մէջ ծրագիրներ իրագործելու

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Չորեքշաբթի, 24 Մայիսին ընդունեց Հայ բժիշկներու համաշխարհային կոմիտէի (ԱՄԻԿ) նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Վիգէն Սեփիլեան շեշտեց, որ սփիւռքահայ բժիշկները հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններով եւ պատրաստ են հանդէս գալու առողջապահական ոլորտի զարգացման նոր ծրագիրներով:

«Հարիւրաւոր անդամներ ունեցող կոմիտէին մէջ ընդգրկուած սփիւռքահայ շատ մը մասնագէտներ պատրաստ են ներկայացնելու Հայաստանի մէջ իրականացուելիք զանազան նախագիծեր, ծրագիրներ, հետեւաբար, կարիք կայ զանոնք համատեղ համակարգելու: Այս հարցին գծով կ՛ակնկալենք նախարարութեան ուղղորդումը՝ գործը առաւել արդիւնաւէտ եւ նպատակաուղղուած իրականացնելու համար: Նոր կապերու առջեւ դուռը բաց է», ընդգծեց տոքթ. Սեփիլեան:

Ուրուագծելով 2018-2019 թուականներու ընելիքները՝ տոքթ. Սեփիլեան յայտնեց, որ Սփիւռքի  շարք մը համայնքներու մէջ պիտի կազմակերպուին համաժողովներ եւ առողջապահական հասարակական կազմակերպութիւններու հանդիպումներ: