Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիարպեքիր նահանգի Սուրի շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին յայտնուած է գողերու թիրախին: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը՝ վկայակոչելով «CNNTurk»-ը:
Սբ. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Էրկիւն Այլըք յայտնած է, որ թուրք-քրտական բախումներու հետեւանքով այս շրջանին մէջ այժմ կը շարունակուի փողոց դուրս գալու արգելքը, եւ իրենք մեծ դժուարութեամբ թոյլտուութիւն կը ստանան եկեղեցի մտնելու համար:
Այլըք յայտնած է, որ աւազակները օգտնուելով առիթէն, որ եկեղեցին չի գործեր, հեշտութեամբ կը մտնեն այնտեղ, եւ ամէն օր եկեղեցիէն իրեր կը պակսին: Ալյըք կոչ ըսած է համապատասխան մարմիններուն քայլեր ձեռնարկելու եկեղեցւոյ անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար:
Ըստ աղբիւրին` թուրք-քրտական բախումներու պատճառով նոյնպէս եկեղեցին մեծ վնասներ կրած է եւ վերանորոգման կարիք ունի:
31 տարուան դադարէ մը ետք 2011 թուականին վերաբացուած Սբ. Կիրակոս եկեղեցին 2015 թուականի Նոյեմբերէն 2016 թուականի Մարտ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով մեծ վնասներ կրած է:
Նշենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկուն` Սուրբ Կիրակոսի վերաբացումն ու օծումը տեղի ունեցած է 2011-ի Հոկտեմբեր 22-ին, իսկ առաջին պատարագը մէկ օր անց` Հոկտեմբեր 23-ին:
Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգումը իրականացուած է տիարպեքիրցի հայերու եւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:
Սուրբ Կիրակոսը վերաբացուած է որպէս գործող եկեղեցի: