Տիարպէքիրի աւերուած հայկական եկեղեցիներէն երկուքը պիտի վերակառուցուին

Տիարպէքիրի Սուր շրջանին մէջ 2015 թուականին տեղի ունեցած զինուած բախումներու հետեւանքով մեծ վնաս կրած պատմական կառոյցները պիտի վերականգնուին:

Թրքական պետական «Andolu» լրատուական գործակալութեան տեղեկացմամբ` Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը շուրջ 40 միլիոն լիրա (մօտ 12 միլիոն տոլար) տրամադրած է`  Սուրի մէջ գտնուող 11 պատմական շինութիւններու վերակառուցման համար:

Այդ շինութիւններու ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ հայկական կաթոլիկ եւ բողոքական եկեղեցիները, որոնք յատկապէս անցեալ տարի մեծ վնաս կրած էին թուրք-քրտական ռազմական գործողութիւններէն: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ բախումներու ժամանակ ինքնաշէն ռումբ պայթեցրած էր, որուն հետեւանքով ամբողջութեամբ աւերուած էին եկեղեցւոյ զանգակատունը, ճակատային պատերը եւ քահանայատունը:

Վերակառուցման արդիւնքով պիտի պահպանուի եկեղեցիներու նախնական տեսքը: Այս ուղղութեամբ որոշ աշխատանքներ արդէն մեկնարկած են, իսկ աւարտը նախատեսուած է 2018-2019 թուականներուն, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը: