Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան 7 Յունիսին ընդունած է Հայաստանի մօտ Հոլանտայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եոհաննէս Տաուման` հայ-հոլանտական համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով: Հանդիպումին սկիզբը նախարար Արթուր Խաչատրեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է Եոհաննէս Տաումային Հայաստանի եւ Հոլանտայի միջեւ սերտ համագործակցութեան հարթակ ձեւաւորելու առնչութեամբ։ Յատկապէս երբ 1991-ին համագործակցութիւն ծաւալած է հոլանտական Agrico ընկերութեան, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի գետնախնձորի սերմնաբուծութեամբ զբաղուող հողագործներու միջեւ։ Այս տարիներու ընթացքին Հայաստան ներկրուած է 30.000 թոն գետնախնձորի տնկանիւթ, որուն արդիւնքով Հայաստան ներմուծող երկրէն դարձած է գետնախնձոր արտահանող երկիր։
Դեսպան Եոհաննէս Տաումա նախարարին ներկայացուցած է Հոլանտայի արտաքին տնտեսական գործերու նախարարութեան PSO (Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու հետ համագործակցութեան ծրագիր) դրամաշնորհային ծրագիրի շրջանակներուն մէջ իրականցուող ջերմատնային տնտեսութիւն (բանջարբոստանային գիտական կեդրոնին մէջ), կաթի վերամշակման գործարան (ք. Տաշիր), անասնապահական տնտեսութիւն (ք. Տաշիր, «Քարախաչ» ՍՊԸ), գետնախնձորի երկարատեւ պահպանութեան պահեստ (գ. Ազատան, Շիրակի մարզ), համակցուած կերերու գործարան (ք. Երեւան), ձկան վերամշակման գործարան (Արմաւիրի մարզ), խոզի սպանդանոց (Նուպարաշէն) եւ ծաղիկի աճեցման ջերմոց (Արարատի մարզ) ծրագիրները։ Հանդիպումին քննարկուած եներկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւնները:
Այս ծիրին մէջ զրուցակիցները աւելի նպատակայարմար համարած են ուսումնասիրել համատեղ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնը յատկապէս կաթի եւ կաթնամթերքի արտադրութեան ոլորտին մէջ: Մասնաւորապէս, կաթի արտադրութեան ոլորտին մէջ ընդգծուած է ամբողջական արժէշղթայի ձեւաւորման կարեւորութիւնը, կաթնամթերքի բարձր որակի ապահովումը, կաթնատու կենդանիներու կերակրման բարելաւումը եւ առողջութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ տեղական կաթնամթերքի զանազանութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան առաջարկած է քննարկել նաեւ ջերմոցային տնտեսութիւններու ոլորտին մէջ համատեղ նախաձեռնութիւններու իրագործման կարելիութիւնը` շեշտելով, որ ջերմոցային արտադրանքը առիթ կ՚ընծայէ ոչ միայն աւելցնել արտադրութեան եւ արտահանումներու ծաւալները, այլեւ ապահովել գիւղմթերքի շուկայի կայունութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ գիւղատնտեսական համագործակցութեան զարգացումին, խորհրդատուական ծառայութիւններու բարելաւումին, գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ հոլանտական ներդրումներու ներգրաւումին եւ շարք մը այլ հարցերու: