Բրիտանական հեղինակաւոր BBC- ի ճանապարհորդական հեղինակներէն մէկը` Պեն Լերուիլը պատմած է Հայաստան կատարած իր այցի եւ հայերու մեծ հիւրընկալութեան մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, հեղինակը Երեւան այցելելու ճանապարհին եղած է Դիլիջան: «Ես չէի պատրաստուիր գիշերելու Դիլիջանի մէջ: Ես հիւսիսային Հայաստանի տարածքով պիտի երթայի Երեւան, եւ այդ նպատակով քանի մը օր շուտ դուրս եկած էի Վրաստանէն: Սակայն այդ փոքրիկ քաղաքը` Դիլիջանը, գրաւիչ էր` պատուած կաղնիի անտառներով: Աւելի ուշ ես իմացայ, որ իր գեղատեսիլ անտառային զանգուածներուն համար անիկա կ՛անուանեն «Փոքրիկ Զուիցերիա»,- կը պատմէ Լերուիլը:
Ան ի վերջոյ կը գտնէ հիւրատուն մը, ուր կ՛որոշէ գիշերել: Տան տէրերը անոր 19:00-ին կը կանչեն ընթրիքի: Սեղանի շուրջ կը պարզուի, որ նոյն օրը տան բնակիչներէն մէկուն` 18-ամեայ Լուսինէի ծննդեան օրն է:
Պեն Լերուիլ կը ներկայացնէ այն առատ սեղանը, որուն շուրջ կը սկսին ընթրելու եւ տօնելու աղջկայ ծննդեան տարեդարձը: «Ինչ-որ պահու ճաշացանկը սկսաւ աչքիս առջեւ շղարշուիլ: Պատճառը գուցէ տնական պայմաններու մէջ պատրաստուած մրգային օղին էր: Մեր սեղանը սեռի առումով երկու մասի բաժանուած էր` մէկ կողմէն կանայք էին, միւս կողմէն` տղամարդիկ»,-կը պատմէ հեղինակը:
Ան կը նշէ, որ ճաշկերոյթի վերջաւորութեան անոնք արդէն կը խմէին ու կենացներ կ՛ըսէին բոլորին եւ ամէն ինչի համար: «Սեղանին վրայ կը խմէին Հայաստանի, Միացեալ Թագաւորութեան, անոնց ընտանիքներուն, իմ ընտանիքիս, շատոնց մահացած մարդոց, ապագայի, ընկերութեան համար: Որոշ կենացներ զիս ուղղակի առանց խօսքի կը ձգէին, սակայն ամէն բան նոյն կերպով կ՛ընթանար` բաժակներու չխկոց, կոկորդին ոգելիցի այրող համը»,- կը գրէ Լերուիլը:
Յաջորդ առաւօտեան, երբ նախաճաշէն ետք ան որոշած է վճարել գիշերակացի համար, տան տէրերը հրաժարած են իրմէ որեւէ գումար վերցնելէ: Անոնք հիւրին փոխանցած են նաեւ Հայաստանի հարաւը իրենց բարեկամներուն հասցէն, որպէսզի այդ վայրեր երթալու պարագային անոնց ալ հիւր ըլլայ: «Միայն այդ տունէն հեռանալէ ետք ես սկսայ գիտակցիլ այդ ընտանիքի հիւրընկալութեան աստիճանը: Ես բացարձակ անծանօթ մարդ մըն էի, որ եկած էր հազարաւոր մղոններու հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկրէ մը: Ես առանց նախազգուշացնելու յայտնուած էի անոնց դարպասներուն մօտ, առանց տեսքս կարգի բերելու` ընտանեկան ընթրիքէն հազիւ մէկ ժամ առաջ, իսկ այդ ամէնուն դիմաց զիս ոչ միայն քնանալու անկողին տուին, այլեւ ներառեցին իրենց տօնակատարութեան մէջ այնպէս բնական ու շռայլ կերպով, կածես ես անոնցմէ մէկն եմ»,- կը նշէ հեղինակը:
Ան կ՛ընդգծէ, որ հայերը մշտապէս յայտնի եղած են իրենց հիւրընկալութեան համար: Գտնուելով Մետաքսի ճանապարհի վրայ` այդ տարածքով անցած են հազարաւոր առեւտրականներ, զինուորականներ: Դեռ Ք․ա․ 400 թուականին յոյն զօրավար Քսենոֆոնը, որ իր զօրքերը կը տանէր Հայաստանի տարածքով, կը պատմէր այդ երկրի առատ սեղաններուն մասին:
«Հայաստանը տեսած է անասելի ցաւ ու դժուարութիւններ, որոնց շարքին եւ 1914-1923 թուականներու ընթացքին 1.5 միլիոն իր երկրացիներու տեղահանութիւնն ու մահը: ԱՄՆ քանի մը տասնեակ նահանգներ, 29 երկիր կատարուածը ճանչցած են որպէս Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւն: Մեր օրերու թրքական պետութիւնը կը ժխտէ այդ ամէնը: Հայաստանի ազգային հոգեբանութիւնը ձեւաւորուած է այդ հենքի վրայ: Եւ նման պայմաններու մէջ մարդիկ, որոնք կու գան խաղաղութեամբ, կ՛ընդունուին գրկաբաց, եւ այս գաղափարը շատ արմատացած է այդ երկրին մէջ: Կրնամ ըսել միայն հետեւեալը. երբ հիւրասիրութիւն տեսնէք Հայաստանի մէջ, դժուար թէ անիկա երբեւէ մոռնաք»,- եզրափակած է BBC-ի մէջ հրապարակուած յօդուածը Պեն Լերուիլ: