«Le Figaro Histoire»-ն 12 էջ կը տրամադրէ Հայոց Ցեղասպանութեան

Le Figaro Histoire ամսագիրը Ապրիլ-Մայիսի տպագրուած իր թիւին մէջ «Մոռցուած Հայոց Ցեղասպանութիւն» վերնագիրով 12 էջ նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»­ը` վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-­ն, ամսագրի հերթական թիւին նպատակներէն մէկն է հանրութեան յիշեցնել 20-­րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին, որուն ընթացքին` 1915-­1923 թուականներուն, երիտթուրքերու կողմէ սպաննուեցաւ 1,5 միլիոն հայ: