Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ համագումարին նշանաբանն է ««Առողջութիւնը խթանելու»համարկելու եւ նորամուծութեան մարտահրաւէրներ»:
Համագումարի նախագահ, Արժանթինի մէջ նշանաւոր բժիշկ «վարակաբան», Վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի «Fidec Armenia» հիմնարկի հիմնադիր՝ Դանիէլ Սթամպուլեան, աշխարհի հայ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն կոչ ուղղած է՝ օգտուելու ընձեռուած կարելիութենէն եւ այցելելու Պուէնոս Այրես՝ հարստացնելու իրենց գիտելիքները «փոխանակելու փորձառութիւններւ եւ միասնաբար քննարկելու Հայաստանի առողջապահական համակարգի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Սփիւռքահայ բժիշկներու նախաձեռնութեամբ, 1976-ին Պէյրութի մէջ կայացած առաջին համագումարէն սկսեալ, այս կառոյցը ստանձնած է կարեւոր առաքելութիւն՝ միաւորելով համայն աշխարհի հայ բժշկական ներուժը` զարգացնել հայրենիքի առողջապահական համակարգը: Համաժողովները մէկ հովանիի տակ համախմբելու նպատակով՝ 1990-ին Մոնթրէալի մէջ հիմնուած Հայ բժիշկներու միջազգային կոմիտէն (AMIC), Փարիզի մէջ 1992-ին կայացած համաժողովէնսկսեալ, լուրջ ներդրում ունեցաւ համագումարներու կազմակերպման գործին մէջ:
Ներկայիս Հայ բժիշկներու միջազգային կոմիտէի նախագահը Ճերրի Մանուկեանն է (Քալիֆորնիա):
Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանատունը Հայ բժիշկներու միջազգային 12-րդ համագումարի կազմակերպիչներուն եւ Արժանթինի հայ համայնքին հետ աշխատանքներ տարած է՝ Հայաստանի բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն մասնակցութիւնը կարելի եղածին չափ մատչելի եւ հետաքրքրական դարձնելու ուղղութեամբ: