Արշակ Փոլատեան կը նշանակուի Թունիսի մէջ ՀՀ դեսպան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Արշակ Փոլատեան նշանակուած է Թունիսի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան․ կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի Արշակ Փոլատեանին նշանակել Թունիսի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Երեւան)»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Արշակ Փոլատեան երկար տարիներ եղած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։