Ըստ թուրք գործիչին՝ «Հայերը Աֆրինի մէջ կը կռուին թրքական բանակին դէմ»

Թուրքիոյ մէջ գործող «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան»  (ASİMDER) ղեկավար Կէօքսել Կիւլպէյը յայտարարած է, որ Սուրիոյ հայերը եւ ասորիները Աֆրինի մէջ քրտական ուժերու կազմին մէջ կը կռուին Թուրքիոյ զինուած ուժերու դէմ, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը:

Կիւլպէյը, ներկայացնելով իր տուեալները, նշած է, որ քրտական ուժերու կազմին մէջ կը կռուի 14 քրիստոնեայ երիտասարդ, որոնցմէ 4 հայ է, 3-ը` ասորի: Կէօքսելի տուեալները մէջբերած է թրքական «Antalyasonhaber» լրատուական կայքը:

Ան յիշեցուցած է, որ օրեր առաջ Թուրքիոյ ԶՈՒ կողմէ Աֆրինի ռմբակոծութեան ժամանակ Ռոշեր Կոնիս անունով հայ մը զոհուած էր, որ ներկայացուած էր որպէս խաղաղ բնակիչ: Հակահայ գործունէութեամբ յայնտի Կէօքսելը պնդած է, որ հայ երիտասարդը ոչ թէ խաղաղ բնակիչ, այլ քրտական զինուած խմբերուն միացած հայերէն մէկը եղած է:

Ան կրկին Հայաստանը մեղադրած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն օժանդակելուն մէջ, ինչպէս նաեւ շարունակած է պնդել, որ Արցախի մէջ կը գործէ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK-ՔԲԿ) ռազմական ճամբար, ուր յատուկ պատրաստութիւն կ՛անցնի 1750 զինեալ: Ըստ անոր` սուրիական պատերազմի ժամանակ Հայաստան Սուրիոյ մէջ բնակող հայերը եւ «եզիտի քիւրտերը» տեղափոխած է Ղարաբաղ: Կէօքսելի խօսքերով այդ «եզիտի քիւրտերը» Իրանի եւ Իրաքի վրայով սկսած են անցնելու Սուրիոյ Գամիշլի շրջան, ապա Մանպիճ, իսկ հիմա Աֆրինի մէջ Միացեալ Նահանգներու մատակարարած զէնքով կը կռուին թրքական բանակին դէմ: