Պաշտօնական այցով Մարտ 3-8 Երեւան գտնուող Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանի, ինչպէս նաեւ Երեւանի աւագանիի անդամներու ուղեկցութեամբ այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
Հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, յուշակոթողի խորհրդանշական իմաստը ներկայացրեց Հայոց Ցողասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Գէորգ Վարդանեան:
Լիոնի քաղաքապետը ծաղկեպսակ դրաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին, պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:
Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացան ցուցադրութեան: Լիոն քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան գրառում կատարեց թանգարանի Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
Լիոնի քաղաքապետը նաեւ եղեւնի տնկեց Յիշողութեան պուրակին մէջ: