Համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ առաջին խորքային հորերը շահագործման յանձնուած են

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորումով արդէն փորուած են 3 խորքային հորեր Մարտունիի եւ 1 հատ Ասկերանի շրջաններուն մէջ:

Այս մասին՝ ըստ  «Արցախփրես»-ի՝ յայտնած է  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Անոյշ Մարտիրոսեան` տեղեկացնելով, որ խորքային հորերէն մէկը կը գտնուի Ասկերանի շրջանի Յովսէփաւան համայնքին մէջ, ուր, սակայն, ջրի պաշարներ չեն յայտնաբերուած: Միւս 3-ը կը գտնուին համապատասխանաբար Մարտունիի շրջանի Հաղորտի համայնքի տարածքին, շրջանի կեդրոնի «Արցախկազ» ընկերութեան տարածքային մասնաճիւղի եւ Մարտունի քաղաքի մերձակայքին:

«Ջուրը շուտով պիտի հասնի արցախեան հողատարածքներ: Աշխատանքներու աւարտէն ետք այս 4 հորերու շնորհիւ պիտի ոռոգուի մօտ 70 հեքթար հողատարածք: Այգիներու, ցորենի արտերու ու տեխնիկական մշակաբոյսերու ոռոգման համար ջուր պիտի ունենայ մօտ 40 ընտանիք: Այժմ շինարարները նոր հերը կը փորեն»,- աւելցուցած է Ա. Մարտիրոսեան: