Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 12 միլիոն 990 հազար դրամ պիտի յատկացնի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ օտարերկրեայ հայ քաղաքացիներուն տրամադրուած ՀՀ անձնագիրին դիմաց պետական տուրքի փոխհատուցման նպատակով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Մայիս 11-ի նիստի օրակարգին:
Ըստ նախագիծի հիմնաւորման, 2018-ի առաջին եռամսեակին ընթացքին տրամադրուած է օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ վաւերական 230 անձնագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած: Ի դէպ, այդ անձնագիրները տրամադրուած են Դամասկոսի (93 գործ), Հալէպի (128 գործ), Պաղտատի (7 գործ), Պէյրութի մէջ(2 գործ) գտնուող ՀՀ դեսպանութեան մէջ` ՀՀ քաղաքացիներուն եւ հայ ա՛յն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք ձեռք բերած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմած են առաջին անգամ ՀՀ անձնագիր ստանալու համար:
«ՀՀ կառավարութիւնը ամէն կերպով կը փորձէ աջակցիլ այն հայ օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց մշտական բնակութեան օտարերկրեայ պետութեան մէջ ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան»,- ըսուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ: