ՀՀ Սփիւռքի նախարար. «Անհրաժեշտ է Հայաստանը դարձնել բոլոր հայերու երկիրը»

ՀՀ Սփիւռքի նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր facebook-եան էջին մէջ կը գրէ.

Հայաստանի բնակչութեան թիւը հնարաւորինս կարճ ժամկէտի մէջ կրկնապատկելու միջոցը Մեծ հայրենադարձութիւնն է. անհրաժեշտ է Հայաստանը դարձնել բոլոր հայերու երկիրը, այնպէս, որ աշխարհի որեւէ կէտի մէջ գտնուող հայ ինքզինք նոյնականացնէ հայկական պետականութեան հետ եւ զայն դիտարկէ եթէ ոչ իր, առնուազն իր սերունդներու պոտենցիալ բնակավայր»։

Իբրեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար` իմ աշխատանքային առաջին իսկ օրէն ինքնամոռաց ու ողջ եռանդով պիտի լծուիմ դեռ մէկ տարի առաջ մեր նախընտրական ծրագրի մէջ տեղ գտած այս գաղափարը կեանքի կոչելու գործին։