95 տարիներու, հայրենասէր եւ իմաստուն պանծալի իր գործունէութեամբ հպարտ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, այս օրերուն, ի Հայաստան եւ Սփիւռք, կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձը:
Ռ.Ա.Կ.-ը ծնունդ առաւ Հոկտեմբեր 1, 1921-ին միացումովը բազմաթիւ համախորհուրդ շարժումներէ եւ կուսակցութիւններէ քով քովի եկած մտաւորական, հայրենասէր եւ յանդուգն գերադասօրէն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը հետապնդելու նուիրուած, ղեկավարութեան մը համախմբումով:
Իր 95 տարիներու գերազանցապէս հաւասարակշռուած եւ իմաստուն գործունէութեան ընթացքին, ՌԱԿ-ը կատարեց պատմական եւ անվիճելի կեդրոնական դերը որպէսզի իր ստեղծման շրջանին դաժան պայմաններու մէջ ստեղծուած Սփիւռքը վերապրի եւ կազմակերպուի իբրեւ ազդու մէկ բեւեռը հայ ժողովուրդին, անսակարկ կերպով կապուած մնալով, բոլոր պարագաներու տակ, իր Մայր Հայաստանին եւ Հոգեւոր Կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին: Նոյն ժամանակ Ռ.Ա.Կ.-ը իր բոլոր ոյժերով զօրավիգ կեցաւ Մայր Հայրենիքի պէտքերուն յատկապէս անոր, 1991 Սեպտեմբեր 21-ին ծնունդ առած անկախութեան առաջին իսկ օրերէն սկսեալ:
Այս օրերուն Ռ.Ա.Կ.-ը նշելով իր պանծալի 95-ամեակը սկսելով մայրաքաղաք Երեւանի ծոցին մէջ օփերայի շքեղ դահլիճին մէջ տեղի ունեցող փառաւոր հանդիսութենէն նոյն ժամանակ ինքզինք կը դնէ վերականգնումի եւ վերաշխոյժացման նոր դարաշրջանի մը սեմին պաշտօնապէս միացնելով իր Հայաստանի եւ Սփիւռքի երկու բեւեռները որպէս մէկ եւ միացած Հայաստանակեդրոն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն:
Ողջոյն պանծալի 95-ամեակին եւ յաջողութիւն Հայրենակեդրոն Ռ.Ա.Կ.-ին, լաւագոյնս ծառայելու անժամանցելի հայ ժողովուրդին եւ անոր ազատ ու անկախ Հայրենիքին: