Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերու Սուրիոյ մէջ կործանուած Սու-30սմ կործանիչի անձնակազմի հրամանատարը եղած է մայոր Ալպերթ Դաւիդեանը։
Սուրիոյ երկնքին՝ Միջերկրական ծովուն վրայ թռիչքի ժամանակ՝ կործանուած է Ռուսիոյ ռազմատիեզերական ուժերու Սու-30սմ կործանիչը։ Երկու օդաչուներն ալ զոհուած են։
Աղէտը տեղի ունեցած է այսօր առաւօտեան, Լաթաքիոյ շրջանի Ճապլա քաղաքի շրջանին մէջ։ Ինքնաթիռը կործանուած է Հմեյմիմ օդակայանէն թռչելէն ետք։
ՌԴ ՊՆ տուեալով՝ կործանման պատճառը կրնայ շարժիչին մէջ յայտնուած թռչունը ըլլալ։