Րաֆֆի Պաղճեան նշանակուած է IDeA-ի գլխաւոր տնօրէն

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի նոր գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է Րաֆֆի Պաղճեանը:

Րաֆֆի Պաղճեան աւելի քան 35 տարի աշխատած է ուժանիւթի ոլորտի համաշխարհային առաջատար Shell ընկերութեան մէջ` զբաղեցնելով ղեկավար տարբեր պաշտօններ: Մինչ Shell ընկերութենէն հեռանալը, ան զբաղեցուցած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ընկերութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնը:

«Վերջին քանի մը տարիները IDeA հիմնադրամի համար եղած են կայացման տարիներ: Մենք յուսով ենք, որ Րաֆֆի Պաղճեանի փորձն ու գիտելիքները թոյլ կու տան, որպէսզի հիմնադրամը Հայաստանի մէջ ընկերային ձեռներէցութեան, մշակոյթի զարգացման նոր փուլ մտնէ»,- նշած են IDeA հիմնադրամի համահիմնադիրներ Ռուբէն Վարդանեանն ու Վերոնիքա Զոնապենտը:

«Ուրախ եմ միանալով IDeA հիմնադրամին: Ինծի համար մեծ հաճոյք է ծառայել հայրենիքիս` Հայաստան բերելով Shell ընկերութեան հետ իմ աշխատանքիս 35 տարուան փորձը»,- ըսած է Րաֆֆի Պաղճեան:

Էդգար Մանուկեան, որ IDeA հիմնադրամը կը ղեկավարէր 2015-ի Յուլիսէն, որոշած է զբաղուիլ սեփական նախաձեռնութիւններու իրականացմամբ:

«Մենք շնորհակալ ենք Էդգար Մանուկեանին` IDeA հիմնադրամին մէջ աշխատանքի եւ UWC Դիլիջան դպրոցի կառուցման գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար, ու յաջողութիւն կը մաղթենք անոր ձեռնարկումներուն»,- նշած են Ռուբէն Վարդանեանն ու Վերոնիքա Զոնապենտը:

Րաֆֆին Պաղճեան ծնած է 1956-ին, Պէյրութ: 1981-ին աւարտած է Ֆրանսայի Ecole Nationale Supérieure de Chimie de Lille հիմնարկը` քիմիական ճարտարագէտի որակաւորմամբ:

Ասպարէզը սկսած է 1984-ին Shell-ի Հաագայի գրասենեակին մէջ: Զբաղեցնելով նոյն ընկերութեան մէջ տարբեր պաշտօններ` 2012-ին դարձած է Ապու Տապիի մէջ Shell-ի գործառնական տնօրէնը, իսկ 2016-ի Մայիսին` նշանակուած Միացեալ Թագաւորութեան Shell-ի գործադիր տնօրէն:

2017-ի Փետրուարին նշանակուած է N2Growth խորհրդատուական ընկերութեան գործադիր տնօրէն:

Րաֆֆի Պաղճեան ամուսնացած է, ունի երկու որդի: