Իտալացի լրագրող. «Իրանի մէջ առաջին գիրքերը հայերը տպագրած են` Շահերը կը վստահէին անոնց»

Սպահանի հայերը սկսած են գիրքեր տպագրել 17-րդ դարուն սկիզբը, այն ազատութիւններուն շնորհիւ, որոնցմէ կ՝օգտուէին Սեֆեաններու օրով:

Այս մասին, ըստ News.am-ի, գրած է իտալացի լրագրող Սիմոնէ Ձոբելարոն իրանական Pars Today պարբերականին մէջ։

Սպահանի մէջ, Փրկիչի հայկական մայր տաճարի մուտքին մօտ, որ իրանցիները կ՝անուանեն հայկական «Վանք» բառով, մարդու քանդակ է, որուն ձեռքին փոքր առարկայ կայ: Անցորդները ուշադրութիւն չեն դարձներ, թէ ատիկա ինչ առարկայ է: Մինչդեռ ատիկա գրաշար է: Այդ քանդակը մեծ պատմութիւն ունի: Սեֆեաններու օրով՝ Իրանի զարգացման մէջ՝ հայերու մեծ աւանդին պատմութիւնը: Նաեւ իրենց քրիստոնեայ հպատակներուն հանդէպ Իրանի շահերու հանդուրժողականութեան ու վստահութեան պատմութիւնը:

Քանդակը կը պատկերէ Խաչատուր Կեչարացին (1590-1646)` Նոր Ջուղայի եպիսկոպոսը: Խաչատուրի անունը կապուած է իր ժամանակի ամենազարմանալի պատմութիւններէն մէկուն` Իրանի մէջ գիրքի տպագրութեան ծնունդին հետ:

Հայերը իրենց հայրենի հողերէն աքսորած էր Շահ Աբբասը: Շատերը մահացած էին ճանապարհին` յոգնածութենէ ու հիւանդութիւններէ: Բայց Աբբասի նպատակը հայերուն ոչնչացումը չէր: Երբ անոնց նոր տեղ բերած են, Սպահանէն ոչ հեռու, քանի մը տարի ետք անոնք կրցած են այնտեղ կառուցել իրենց եկեղեցիներն ու դպրոցները՝ շահին աջակցութեամբ: Այնտեղ, անոնք ստեղծած են բարգաւաճող առեւտրային ցանց, որ կը տարածուէր Աթլանթիքայէն մինչեւ Հնդկական ովկիանոս: Մետաքս ու համեմունքներ, թանկարժէք քարեր ու կտորներ` այդ ամէնը հայերը կը վաճառէին ամբողջ աշխարհին, ծառայելով ոչ միայն սեփական, այլեւ Սեֆեաններու տոհմի բարօրութեան: Սեֆեաններէն անոնք կը ստանային հանդուրժողականութիւն ու ազատութիւն, որուն մասին հնարաւոր չէր երազել նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ, ուր հաւատքի համար պատերազմներ կը փոթորկէին:

Իրանի առաջին տպագրուած գիրքը Դաւիթի սաղմոններն էին հայերէնով, 1638-ի: 1641-ին տպագրուած է Հայկական եկեղեցւոյ հայրերու վարքաբանութիւնը:

Ամենազարմանալին այն է, որ տպագրական հաստոցը ու լիտերները կ՝արտադրուէին տեղւոյն վրայ: Եպիսկոպոսը ու անոր հետեւորդները այդ ամէնը իրենց ձեռքերով պատրաստած էին, մեծ դժուարութիւններով:

Բայց հայերը ուրկէ՞ սորված էին ատիկա: Նշանաւոր պատմաբան Սեպուհ Դաւիթ Ասլանեանը կը նշէ հայերու եւ Սպահանի վանականներու կապերը, նաեւ Խաչատուրի ճանապարհորդութիւնները Եւրոպա: Մասնաւորապէս, ան այցելած է Լէոփոլի, Միջագետքի (ներկայ Արեւմտեան Ուքրանիա) դիւանագիտական դեսպանատուներ, այնտեղ հայերը դեռ 1618-էն գիրքեր կը տպագրէին:

Հայերը սկսած են տպագրութեամբ հետաքրքրուիլ գրեթէ անոր ստեղծման օրերէն: Անոնք հասկցած են, որ գրատպութիւնը լեզուն, մշակոյթն ու կրօնը պահպանելու լաւագոյն միջոցն է: Առաջին հայալեզու գիրքը տպագրողը Յակոբ Մեղապարտն էր` 1512-13-ին: Գիրքերը կը հրատարակուէին Վենետիկի մէջ:

Խաչատուր Կեչարացիի գործը շարունակած է անոր աշակերտը` Յովհաննէս Ջուղայեցին: Խաչատուրը անոր 1639-ին ուղարկած էր Եւրոպա ` կատարելագործուելու տպագրական արուեստի մէջ: 1646-ին Իրան վերադառնալով` ան շարունակած է ուսուցիչի սկսած գործը: Այլ եպիսկոպոս մը` Ստեփանոս Ջուղայեցին, 17-րդ դարու 80-ականներուն շարունակած է օգտագործել հին տպագրական հաստոցը, որ պատրաստած էր Խաչատուրը:

Երկար ընդմիջումէ յետոյ, Նոր Ջուղայի մէջ գրատպութիւնը վերածնած է 1863-ին, երբ Ճաքարթայէն հարուստ հայ վաճառական մը որոշած է Նոր Ջուղայի եկեղեցիին նուիրել ժամանակակից տպագրական մեքենայ:

Աւանդոյթը առայսօր կը շարունակուի: Տպագրութիւնը դեռ կը գործէ: Իսկ Նոր Ջուղայի մէջ կ՝ապրի 10 հազար հայ, որոնք կը շարունակեն եպիսկոպոս Խաչատուրի գործը: Մերձաւոր արեւելքի մէջ քրիստոնեաները յաճախ կը հետապնդուին: Բայց ոչ այստեղ: