Նորզելանտացի լրագրողը կառավարութեան կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Նոր Զելանտիայի կառավարութիւնները մշտապէս կը վախնան պաշտօնապէս ճանչնալու 20-րդ դարու` մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, նորզելանտական newshub.co.nz կայքին մէջ հրապարակուած իր յօդուածով նշած է լրագրող Թօնի Ռայթը:

Թէեւ այդ տարիներուն այս իրադարձութիւններուն մասին էին Նոր Զելանտիայի թերթերուն առաջին սիւնակները, եւ անոնք կրնային տեսնել Տարտանելի գործողութեան ժամանակ օսմանեան բանակին կողմէ գերուած նորզելանտացի զինուորները, Նոր Զելանտիայի ո՛չ մէկ կառավարութիւն չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նշած է յօդուածին հեղինակը` աւելցնելով, որ ասիկա պէտք է փոխուի: «Մենք կը ճանչնանք Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ հրէական Հոլոքոսթը, Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը, պոսնիական ցեղասպանութիւնը եւ մեզի աւելի մօտ Արեւելեան Թիմորի ցեղասպանութիւնը:  Բայց ինչո՞ւ նոյն կերպով չենք վարուիր, երբ հարցը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան: Պատասխանը պարզ է` պատճառը Նոր Զելանտիայի յարաբերութիւններն են Չանաքալայի եւ Թուրքիոյ հետ»,- նշած է Ռայթը:

Ան ընդգծած է, թէ հիմնական պատճառը այն է, որ ճանչնալու պարագային Թուրքիան կրնայ սպառնալ Նոր Զելանտիայի քաղաքացիներուն՝ մարտերու վայր այցելութիւններու արգելքով: Սակայն հեղինակը աւելցուցած է, որ Ֆրանսայէն եւ Գանատայէն զինուորները նոյնպէս մարտնչած են օսմանեան ուժերու դէմ, բայց այդ երկիրները, այնուամենայնիւ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են:

Հեղինակը մարտահրաւէր կը նետէ Ճասինտէ Արտերնի կառավարութեան. «Ճանչցէ՛ք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ատիկա կատարեցէք օրէնքով: Սորվեցուցէ՛ք ատիկա նորզելանտական դպրոցներուն մէջ, ինչպէս եւ Հոլոքոսթը: Ատիկա կատարեցէ՛ք խաղաղութեան համար` իբրեւ նախազգուշացում այն բանի մասին, թէ ինչ կրնայ տեղի ունենալ պատերազմի ժամանակ»:

«Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ աւելի քան 18 500 նորզելանտացիները չեն զոհուած անոր համար, որ արտասահմանեան տէրութիւնները դեռ կարենան մեզմէ փրկագին պահանջել 100 տարի անց»,- ամփոփած է ան: