Պունտեսթակի թուրք պատգամաւոր. «Եւրոպան պէտք է դադրեցնէ զէնքի արտահանումը Թուրքիա»

Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան ծագումով թուրք փոխնախագահ, Պունտեսթակի պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելենը կը կարծէ, որ պէտք է անմիջապէս դադրեցնել եւրոպական զէնքերու արտահանումը Թուրքիա:

Այս մասին պատգամաւորը խօսած է «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով Աֆրին շրջանին մէջ թրքական զինուժի կողմէ իրականացուող վերջին գործողութիւններուն:

«Մինչ Թուրքիան, հակառակ միջազգային իրաւունքի, իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կը շարունակէ յարձակումները Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ, կը շարունակուին Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները: Աֆրինի մէջ թրքական ներխուժման հետեւանքով 170 հազար մարդ տարհանուած է: Եւրոպական համաձայնագիրները կը բացառեն անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները բռնապետութիւններու կամ մենատիրական պետութիւններու հետ, որոնք կը ներխուժեն այլ երկիրներ, կը սպաննեն եւ կը թալանեն իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ ձեռք ձեռքի տուած»,- նշած է Տաղտելենը:

Ան ընդգծած է, որ նոյնիսկ Գերմանիոյ կառավարութիւնը Թուրքիան անուանած է իսլամական ահաբեկչութեան հարթակ: «Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ Էրտողան չի կրնար փախստականներու վերաբերեալ քաղաքականութեան հարցով ըլլալ գործընկեր: Աւելին, ատիկա կ՛ընդգծէ ոչ միայն անդամակցութեան բանակցութիւններու եւ ֆինանսական աջակցութեան սառեցման, այլեւ անմիջապէս եւրոպական զէնքերու արտահանումը Թուրքիա դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը»,- ըսած է Պունտեսթակի պատգամաւորը: