ԵՄ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒՍ ՀԵՐՔԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը եւս հերքած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած այն հաղորդագրութիւնը, ըստ որուն հայկական զինուած ուժերը իբրեւ թէ տեղաշարժեր կատարած են սահմանին։

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, նախապէս Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը տարածած էր տեղեկատուութիւն մը, որ կը յայտնէր, թէ հայկական զինուած ուժերը Ատրպէյճանի հետ սահմանին տեղաշարժեր կատարած են, ինչ որ հերքեց Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։

ԵՄ դիտորդական առաքելութեան այս գրառումին արձագանգած է նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Տոյվո Քլաարը․ «Ուրախ եմ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կողմէ հաստատում ստանալու համար, որ անբնական ռազմական տեղաշարժեր չեն նկատուած։ Ճիշդ այս է առաքելութեան հիմնական նպատակը՝ ապահովել առաւել թափանցիկութիւն եւ վստահութիւն կառուցել։ Առաքելութիւնը կը շարունակէ բաց մնալ նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ փոխգործակցութեան համար», գրած է Քլաար։