Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, մեկնաբանելով Անգարայի եւ Ուաշինկթընի փոխյարաբերութիւններու ճգնաժամը, իր երկիրը համեմատած է առիւծի հետ, որուն ճիրանները հանած են եւ կ՝ուզեն հնազանդեցնել։ Այս մասին կը հաղորդէ armenpress.am-ը։
«Բոլոր կողմերէն կ՝ուզեն օղակի մէջ առնել Թուրքիան եւ հնազանդեցնել, ինչպէս առիւծը, որուն ճիրանները հանած են: Անոնք վարժուած են հին Թուրքիոյ եւ չեն ընդունիր ուժեղ Թուրքիան: Թուրքիոյ անկախութիւնը պաշտպանելու մեր վճռականութիւնը խիստ կ՝անհանգստացնէ ուրիշները»,- յայտարարած է Էրտողանը` Անգարայի մէջ ելոյթ ունենալով նահանգապետներու առջեւ:
Ան Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պասսը մեղադրած է այցագրային ճգնաժամ հրահրելու մէջ: «Այցագրերու հետ կապուած ճգնաժամը ստեղծած է ԱՄՆ-ի այստեղի դեսպանը: Անընդունելի է, որ Ամերիկան իրեն համար ռազմավարական առումով այնքան կարեւոր երկրի մէջ, ինչպէս Թուրքիան, նշանակած է դեսպան մը, որ պատասխանատու չէ իրեն: Իրենց ցանկացած գործողութեան մենք համարժէք պատասխան պիտի տանք»,- ընդգծած է Թուրքիոյ նախագահը:
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընը, Հոկտեմբեր 11-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլիւթ Չաւուշօղլուին շատ անհանգստութիւն յայտնած է Անգարայի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան աշխատակիցներու եւ ԱՄՆ-ի քաղաքացիներու ձերբակալման առնչութեամբ: Թիլըրսըն ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անոնց ներկայացուած մեղադրանքներուն ապացոյցներ տրամադրէ:
Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամ սկսած էր անցեալ շաբաթ Սթամպուլի մէջ ԱՄՆ-ի հիւպատոսարանի աշխատակից Մեթին Թոփուզի ձերբակալումէն ետք: Ան կը մեղադրուի «Սահմանադրութեան խախտման» եւ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձ»-ի մէջ: