Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութիւնը մրոտեցաւ վայրագութիւններով

Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողան Մայիս 15-ին ժամանեց Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, ուր ան դիմաւորուեցաւ ԱՄՆ կառավարութեան  արարողակարգի ղեկավարի տեղակալ Ռոզմերի Պաուլին և Թուրքիայի դեսպան Սերդար Քըլըչըի կողմէ: Էրդողանին կ’ընկերանային արդարադատութեան, արտաքին գործերու, տնտեսութեան, ուժանիւթի և բնական պաշարներու, ու ազգային պաշտպանութեան նախարարները:

Յաջորդ օրը Թուրքիոյ նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ է ԱՄՆ իր գործընկերոջ՝ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ: Քննարկուած  հիմնական թեմաներուն մէջ էին  չափաւոր իսլամի քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի արտայանձնումի, Սուրիոյ քիւրտերը զինելու մասին Թրամփի առաջարկը եւ առնչուող հարցեր:

Մինչ այդ, մօտակայ Լաֆայէթ հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներու ստուար խումբ մը, բաղկացած Յոյներէ, Հայերէ, Քիւրտերէ, Եզիտիներէ եւ Ասորիներէ, պաստառներով եւ դրօշակներով բողոքի խաղաղ ցոյց կը կատարէին: Յանկարծ, Էրտողանի զինուած պահակները վայրագ յարձակում մը կը կատարեն օրինաւոր ցուցարարներուն դէմ, հայհոյանքներով,  խոշտանգումներով եւ վիրաւորելով ցուցարարներէն շատերուն: Վիրաւորեալներէն 9 հոգի հիւանդանոց կը փոխադրուին արիւնլուայ վիճակի մէջ: ANCA-ի տնօրէն Արամ Համբարեան ըսած է, «այսպիսի վայրագութիւն երբեք չէ տեսնուած ՄՆ մայրաքաղաքին մէջ. միայն այն տեսակի վայրագութիւն մըն է որ կրնաք ակնկալել Էրտողանի Թուրքիոյ կամ այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ: »

Յաջորդ օրը Ուաշինկթընի քաղաքապետ Միւրիէլ Պաուզըր խստիւ դատապարտած է վայրագութիւնը եւ խոստացած է ոստիկանութեան եւ դաշնակցային իշխանութիւններու հետ հետապնդել այս միջադէպը մինչեւ արդարութեան վերականգնումը: