Թուրքիոյ իշխող՝ կրօնամէտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, ինչպէս նաեւ ազգայնամոլ Ազգային շարժում կուսակցութիւնները, կանոնակարգի հետ կապուած փոփոխութիւններու առնչուող օրինագիծ մը ներկայացուցած են խորհրդարանին, որ վաւերացուցած է զայն։ Այդ օրինագիծով կը նախատեսուի երեսփոխաններու կողմէ կարգ մը «անբաղձալի արտայայտութիւններ»ու արգիլումը:
Ըստ նշեալ օրինագիծին՝ կ՛արգիլուին աշխարհագրական խորքով «անբաղձալի» անունները եւ արտայայտութիւնները, ինչպէս՝ «Քիւրտիստան», «քրտական քաղաքներ», «Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Ամետ», «Լազիստան», «Իոնիա» (այսօրուան Իզմիր եւ Այտըն քաղաքներու հարաւի ծովափին տրուած անունը), կամ «Պոնտոս»:
Նաեւ, կ՛արգիլուին «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եւ «Տերսիմի ջարդ» եզրերը, որոնք նոյնպէս կը նկատուին «անբաղձալի արտայայտութիւններ»:
Արդարեւ, այսուհետեւ Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ այս արտայայտութիւնները գործածող երեսփոխանները պիտի ենթարկուին տուգանքի:
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն ու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը դէմ արտայայտուած են այս սահմանափակումներուն, սակայն բանաձեւը պաշտպանողները պնդած են, թէ «ասիկա արտայայտուելու ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան հետ մօտէն կամ հեռուէն կապ չունի: Ասիկա մեր գոյութեան սպառնացող իրավիճակին կ՛առնչուի»:
Նշենք, որ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, անցեալ Յունուարին Ցեղասպանութեան մասին խօսելով՝ իրարանցում մը ստեղծած էր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, որմէ ետք ան զրկուած էր խորհրդարանի երեք նիստերու մասնակցութեան իրաւունքէն։