Չեխիոյ Հանրապետութիւնը կ’ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ապրիլ 25-ին, Չեխիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանը որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը: Խորհրդարանը վաւերացուց առաջարկ մը որ կը դատապարտէ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց եւ այլ կրօնական կամ ազգային փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը:

Խորհրդարանի անդամ Րոպին Պօնիշչ յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարեդարձէն մէկ օր ետք կատարուած այս որոշումը շատ խորհրդանշական է: Նախագահ Միլոս Զեման դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը եւ նամակով մը տեղւոյն հայ հոգեւոր Հովիւ Տ. Բարսէղ Փիլաֆճեանին նամակով մը տեղեկացուց  առնուած որոշումին մասին եւ մատնանշեց թէ 1.5 միլիոն անմեղ ժողովուրդի մը սպանդը աշխարհի որեւէ ազգի պատմութեան համար ահաւոր ողբերգութեան էջ մըն է: