Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը Էդուարդ Նալպանտեանին ներկայացուցած է ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ պայքարը

Աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեան եւ Ուալիտ Մոալլեմ 22 Սեպտեմբերին ունեցած են հանդիպում մը, որուն առանցքը հանդիսացած են Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմն ու սուրիական վարչակարգին պայքարը` ահաբեկչութեան դէմ:

Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն` յոյս յայտնելով, որ սուրիական ճգնաժամը կ՛ունենայ շուտափոյթ խաղաղ հանգուցալուծում: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛օժանդակէ սուրիացի ժողովուրդին` մարդասիրական օգնութիւն առաքելով բարեկամ երկիր:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի լուծման ուղղութեամբ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերը, ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ ծաւալող պայքարը: