Սպանիոյ դատարանը ազատ արձակած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով զբաղող թուրք գրողը  

Կիրակի՝ 20 Օգոստոս 2017-ին, Սպանիոյ դատարանը ստորագրութեան դիմաց ազատ արձակած է Գերմանիոյ քաղաքացի, ծագումով թուրք Տողան Աքհանլըն, որ ձերբակալուած էր Թուրքիոյ դիմումով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էֆ.Փի.» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով գրողի փաստաբանին:

«Պայքարը կ’արժէ անոր», ըսած է թուրք գրողի փաստաբան Իլիաս Ուայր: Անոր համաձայն, «գրողը ազատ կ’արձակուի այն պայմանով, որ պիտի մնայ Մատրիտի մէջ»:

Տողան Աքհանլը Շաբաթ օր ձերբակալուած էր Կրանատայի մէջ: Անոր փաստաբանի տուեալներուն համաձայն, ձերբակալութեան հիմք ծառայած է քրէական գործը, որ անոր դէմ յարուցուած է Թուրքիոյ մէջ, ենթադրաբար` քաղաքական դրդապատճառներով:

«Քէօլնըր Սթատթ-Անզայկըր»-ի հաղորդումով, 60-ամեայ Աքհանլը 1992-էն ի վեր կը բնակի Գերմանիոյ մէջ եւ այդ երկրին քաղաքացին է:

Ծանօթ է, որ անոր աշխատանքներուն հիմնական նիւթը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է:

Նախապէս «Շփիկըլ» յայտնած էր, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ որոշած է անձամբ զբաղիլ գրողին գործով եւ կանխարգիլել անոր արտայանձնումը Թուրքիոյ: