Վրաստանի նախագահը բաժնեկցած է հրապարակում մը, ուր Հայաստանի Լոռիի մարզը, կը ներկայացուի իբրեւ «Պատմական Վրաստան»

Վրաստանի նախագահ՝ Սալոմէ Զուրապիշվիլի իր դիմադետրեան էջին վրայ բաժնեկցած է վրացական զբօսաշրջական կազմակերպութեան մը գովազդը:

Կազմակերպութիւնը, որ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի մարզ շրջապտոյտներ կը կազմակերպէ, յայտարարութեան մէջ գրած է. «Մէկ այլ տխուր, սակայն պարտադիր շրջագայութիւն… Պատմական Վրաստան: Իւրայատուկ մշակոյթ, որ ցաւօք մնաց Լոռիի մէջ: Յիշենք եւ փառաբանենք յաւերժական, առեղծուածային եւ մեծ Վրաստանը»:

Յիշենք, որ հրապարակման մէջ ներկայացուած են՝ Ախթալայի, Հաղպատի, Սանահինի եւ Օձունի վանքերը: