Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միացեալ հաղորդագրութեան երկակի բացատրութիւնը անպատշաճ է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը:
Փեսքով յայտնեց, որ միացեալ հաղորդագրութիւնը պատրաստուեցաւ փորձագէտներու մակարդակով, որմէ ետք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները զայն ենթարկեցին վերջին բարեփոխումներուն, ապա փաստաթուղթը ներկայացուեցաւ նախագահներուն:
Ըստ Փեսքովի, Ուաշինկթըն փորձած է երկու նախագահներուն միջեւ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը դասաւորել, սակայն ժամկէտը եւ վայրը միայն Ուաշինկթընին յարմար էին:
Քրեմլինի բանբերը յայտնեց, որ միացեալ հաղորդագրութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւն կատարելու կարիք չկայ եւ որեւէ երկակի բացատրութիւն անպատշաճ է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նախապէս նշած էր, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Յորդանանի ստորագրած հաղորդագրութիւնը կը ներառէ ոչ սուրիական ուժերու, ներառեալ իրանեան եւ անոր կողմէ հովանաւորուած ուժերուն Սուրիոյ հարաւ- արեւմուտքէն հեռացումը` աւելցնելով, որ Ռուսիա համաձայն գտնուած է այդ հարցը սուրիական իշխանութիւններուն հետ քննարկելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշած էր, որ փաստաթուղթը կ՛արտօնէ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն Սուրիոյ հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ մնալը մինչեւ քաղաքական լուծման հոլովոյթին սկսիլը:
Նշենք, որ միացեալ հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Թրամփ եւ Փութին համամիտ գտնուած են, որ Սուրիոյ տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ վերջնական լուծումը պէտք է ըլլայ ժընեւեան հոլովոյթի ծիրին մէջ եւ ըստ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին:
Երկու նախագահները ողջունած են ժընեւեան հոլովոյթին, սահմանադրական բարեփոխումներուն եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին նկատմամբ իր յանձնառութեան մասին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յայտարարութիւնը:
Փութին եւ Թրամփ շեշտած են իրենց յանձնառութիւնը Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան եւ աշխարհիկութեան նկատմամբ եւ սուրիական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած են գործօն մասնակցութիւն բերելու Ժընեւի քաղաքական հոլովոյթին եւ աջակցելու զայն յաջողցնելու ջանքերուն:
Միւս կողմէ, Թրամփ Վիեթնամի մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին յայտարարած է, թէ շարք մը հարցերու շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միացեալ աշխատանքը կրնայ օգուտ բերել թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն, թէ՛ ալ ամբողջ աշխարհին: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական պատկերասփիւռի առաջին ալիքը:
«Ես վստահ եմ, որ մենք պէտք է աշխատինք միասին, որպէսզի կարենանք լուծել Սուրիոյ, Հիւսիսային Քորէայի եւ Ուքրանիոյ հիմնահարցերն ու յաղթենք ահաբեկչութեան: Ես կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ դէմ պայքարելու փոխարէն անոր հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ կառուցելը կարեւոր է աշխարհի եւ մեր երկրին համար», ըսած է Թրամփ: