2018-ին, Պելոռուսի իշխանութիւնները մտադիր են «Փոլոնեզ» հրթիռ արձակներու արտածման առաջին պայմանագիրը կնքելու։ Արդարեւ, ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը կը գրէ, որ կ՛ակնկալուի արտածումը 10 համակարգերու, որոնց հաւանական պատուիրատուն Ատրպէյճանն է։ Թերթը իր տեղեկութիւնները քաղած է Պելոռուսի պաշտպանութեան նախարարութեան մօտիկ աղբիւրէ մը։
Ըստ «ՓանԱրմինիըն»-ի՝ անիկա կ՛աւելցնէ, թէ նման պայմանագիր մը բացասաբար պիտի ընդունուի Հայաստանի կողմէ, հակառակ անոր որ Հայաստան գտնուող «Իսքանտեր» հակահրթիռային համակարգերը կարողութիւնը ունին չէզոքացնելու նման հրթիռ արձակներէ յարձակում մը։
«Քոմերսանթ» կը գրէ, թէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը արդէն իսկ այցելած է Պելոռուս, մօտէն ծանօթանալու «Փոլոնեզ» համակարգերուն։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն, ցարդ չէ հաստատած այս մասին տեղեկութիւնները։
«Քոմերսանթ»ի աղբիւրը աւելցուցած է, թէ պատրաստուող այս պայմանագիրը կարելի է նկատել «Ատրպէյճանի ուշացած պատասխանը՝ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին «Իսքանտեր»ներ մատակարարելու քայլին»։