Գերմանացի թղթակից. «Ես հպարտ եմ որ այս հիանալի յեղափոխութեան վկան եմ»

Գերմանական DW գործակալութեան թղթակիցը իր զարմանքը յայտնելով՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին կը գրէ.

Ես չեմ գիտեր  ուրկէ՞ պէտք է սկսիլ, ինչպէ՞ս բացատրել եւ ո՞ր յեղափոխութեան հետ համեմատել այս թաւշեայ յեղափոխութիւնը։ Մինչեւ հիմա  չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչ կը պատահի Հայաստանի մէջ,   կատարուածը  յեղափոխութի՞ւն է, կամ փառատօն. չեմ կրնար փառատօն անուանել, որովհետեւ այնտեղ կայ ժողովուրդ, որ պահանջներ ունի, եւ կայ կառավարութիւն, որ  զիջումներու գնաց իր ժողովուրդին համար։ Չեմ կրնար զայն  յեղափոխութիւն անուանել, որովհետեւ ի տարբերութիւն այլ յեղափոխութիւններու, այստեղ մարդոց դէմքերուն երջանկութիւն կայ, իսկ ամենէն տարօրինակը այն է, որ զբօսաշրջիկները վախնալու եւ հեռանալու փոխարէն (ինչպէս կը պատահի այլ երկիրներու մէջ), կ’երթան մարդաշատ  վայրեր:

Ուշագրաւ է այն, որ ժողովուրդը  շարժումը սկսաւ ժողովրդական երգերով ու պարերով, աւարտեց` խորովածով ու խաղերով:

Ես միայն կրնամ ըսել, որ հպարտ եմ վկան ըլլալու պատմութեան մէջ նման հիանալի յեղափոխութեան մը,  ուր ամենածանր պահերուն  անգամ երկու կողմերուն միջեւ փոխադարձ սէրն ակնյայտ էր:

Վերջապէս, առնուազն կ’ըսեմ, որ «Կեանքի սիրահար այս ժողովուրդը, կը պայքարի իր մարդկային արժէքներով, եւ ոչ թէ` անտառի օրէնքներով: