Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալներուն կողմէ ստորգետնեայ զինուորական գաղտնի փապուղիներու փորման աշխատանքներու ընթացքին օգտագործուած է ճարտարագիտութիւնը ֆրանսական «Լաֆարժ» ընկերութեան, որ գործարան ունի նաեւ քիւրտ զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
«Այս երկիրները այլեւս որեւէ իրաւունք չունին բողոքելու ահաբեկչութեան դէմ, որովհետեւ ահաբեկչութեան համաճարակը նոյնինքն իրենք է, որ կը տարածեն, տակաւին խելքերնին գլուխնին չեն հաւաքեր», ըսած է Էրտողան` միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ձեռնարկուած զինուորական գործողութեան ընթացքին Թուրքիոյ աջակցած դաշնակիցներուն եւ անիծելով քիւրտ զինեալներուն աջակցողները` ի դէմս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի:
«Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի տանի պայքարը` իր իսկ գծած ռազմավարական ճամբով. մեզի այս ճամբուն աջակցած բոլոր բարեկամներուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք, իսկ ահաբեկիչներու շահերէն խօսողներուն կ՛ըսեմ` ձեր ճամբան դժոխքն է», յայտարարած է Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Մաքրոն հանդիպում ունեցած էր քիւրտերու պատուիրակութեան հետ, որուն անդամները կը ներկայացնեն Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, եւ աջակցութիւն յայտնած էր քրտական շարժումին:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած էր, թէ աջակցելով քիւրտերուն` Փարիզ կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն: