27 Սեպտեմբեր 2016-ին, ի շառս իտալական այլ քաղաքական կառոյցներու, Իտալիոյ Պազիլիքաթայի Մարզի տարածաշրջանային խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ազգի բոլոր զաւակներուն։
ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդմամբ՝ վերոնշեալ բանաձեւը ներկայացուցած է Պազիլիքաթա մարզի վարչական խորհուրդի անդամ` Տիար Աուրելիօ Փաչէ, ընդառաջելով Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի խնդրանքին։
Բանաձեւին մէջ կը նշուի թէ այս պատմական իրականութիւնը ճանչցուած է միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կողմէ ու թէ հարկաւոր է, որ հասարակաց կարծիքը ծանօթանայ հայ ազգի պատմական այս եղելութեան, որպէսզի պատմութեան սոյն ողբերգութիւնը ըլլայ ազդակ` յատկապէս նոր սերունդին համար, չկրկնելու համար նման անմարդկային ոճիրներ։
Նշենք թէ Իտալիոյ Պազիլիքաթա Մարզը կը հանդիսանայ 105-րդ իտալական քաղաքական վարչութիւնը որ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։