Լափշին ազատ կ’արձակուի եւ լքելով Ատրպէյճանը կը մեկնի Իսրայէլ

Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Իսրայէլի քաղաքացի, էջատէր-լրագրող Ալեքսանդր Լափշին Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ ներում ստացած եւ ազատ արձակուած է: Ապա ան լքած է Ատրպէյճանը եւ վերադարձած է Իսրայէլ: Այս մասին կը յայտնէ ատրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը: Էջատէր-լրագրողը իր մօր` Պելա Լափշինայի հետ օդակայանէն Պաքու-Թել Աւիւ չուերթով մեկնած է Իսրայէլ:

Յիշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սեպտեմբեր 11-ին ստորագրած էր հրամանագիրը Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացի, լրագրողը Ալեքսանդր Լափշինին համաներում շնորհելու մասին:

Ուշագրաւ է, որ Լափշինին ներում շնորհելու մասին հրամանագիրը ստորագրուած է այն նոյն օրը, երբ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով պաշտօնական այցով մեկնած է Իսրայէլ: