«ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԵՐԿՐԻ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ, ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»
Երեքշաբթի՝ 30 Յոնուար 2018-ին, Սոչիի մէջ Միջսուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը ընթացք առաւ ուշացումով, երբ կարգ մը մասնակիցներ ուշացան ներկայանալ, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը հեռացաւ խորհրդաժողովէն:
Խորհրդաժողովին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ Սուրիայէն, Ժընեւէն, Գահիրէէն, Մոսկուայէն եւ Անգարայէն Սոչի հասած են 1511 անձեր, որոնցմէ 107-ն` արտասահմանի սուրիական ընդդիմութենէն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խորհրդաժողովի բացման խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ Սոչիի խորհրդաժողովը պիտի նպաստէ սուրիացիներու միաւորման` նշելով, որ ներկայիս ապահովուած են սուրիական տագնապը լուծելու եւ համապարփակ միջսուրիական երկխօսութիւն կատարելու բոլոր պայմանները:
Լաւրով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսքը կարդալու ընթացքին ըսաւ, թէ Մոսկուան Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ գործակցաբար աշխատանք տարած է, որ Սոչիի խորհրդաժողովին ապահովուի առաւելագոյն ներկայացուցչութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով Իրանի, Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ին խորհրդաժողովի յաջողութեան մէջ իրենց ներդրումին համար:
Փութին իր խօսքին մէջ դիտել կու տար. «Այժմ վստահօրէն կրնանք ըսել, թէ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են Սուրիոյ ժողովուրդին ցաւալի պատմութեան էջը դարձնելու եւ լուսաւոր կեանքի նոր էջ մը բանալու համար: Ներկայիս անհրաժեշտ է միջսուրիական ամբողջական բանակցութիւններ վարել՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի 2254 որոշումին լոյսին տակ լուծելու սուրիական տագնապը»:
Վերջաւորութեան, Սոչիի միջսուրիական ազգային բանակցութիւններու խորհրդաժողովին մասնակիցները հանդէս եկան եզրափակիչ հաղորդագրութեամբ մը, ուր յայտնեցին Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան, խաղաղութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու ժողովուրդի միասնականութեան պահպանման հաւատարիմ մնալու իրենց յանձնառութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ. «Մենք՝ միջսուրիական ազգային բանակցութիւններու խորհրդաժողովի մասնակիցներս, ներկայացնելով սուրիական ընկերութեան բոլոր շերտերը, քաղաքական եւ քաղաքային ուժերը, կրօնական, ընկերային ու ցեղային խմբաւորումները, Սոչիի մէջ համախմբուեցանք ընդառաջելով Ռուսիոյ Դաշնութեան հրաւէրին՝ վերջ տալու մեր ժողովուրդի եօթամեայ տառապանքին, համաձայնութեան եզրեր գտնելու եւ մեր հայրենիքը փրկելու զինեալ առճակատումներէն, ընկերային ու տնտեսական աւերումէն, վերականգնելու անոր տարածաշրջանային եւ միջազգային հեղինակութիւնը, ապահովելու անոր քաղաքացիներուն հիմնական ազատութիւններն ու իրաւունքները, յատկապէս առանց ահաբեկչութեան եւ բռնութեան, ազատ ու ապահով ապրելու իրաւունքը: Այս նպատակին հասնելու միակ միջոցը մեր երկրին դիմաց ծառացող հարցերուն քաղաքական լուծումը կը համարենք»:
Շեշտուեցաւ յատկապէս, որ Սուրիան ժողովրդավարական, ոչ յարանուանական պետութիւն մըն է` հիմնուած քաղաքական բազմազանութեան եւ հաւասար քաղաքացիութեան վրայ՝ առանց կրօնական կամ ցեղային խտրութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ էական համարուեցան հետեւեալ պահանջները.
1- Յարգանք եւ լիակատար հաւատարմութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդին միասնականութեան նկատմամբ:
2- Սուրիոյ ժողովուրդը իրաւունք ունի իր երկրին ապագան ուրուագծելու ինքնորոյն եւ ժողովրդավարական կերպով, ընտրութիւններու միջոցով: Անոր բացարձակ իրաւունք վերապահուած է՝ ընտրելու իր երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգը, առանց արտաքին ճնշումներու կամ միջամտութեան, համաձայն Սուրիոյ միջազգային իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն:
3- Պահպանել սուրիական բանակը եւ զինեալ ուժերը, որպէսզի անոնք լիովին կատարեն իրենց սահմանադրական պարտաւորութիւնները՝ արտաքին սպառնալիքներէն ու ահաբեկչութենէն պաշտպանելու Սուրիոյ ժողովուրդն ու երկրին ազգային սահմանները:
4- Յարգել սուրիական ընկերութեան բոլոր մասնիկները, անոնց ազգային ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու արժէքները, որոնց կազմութեան մեծ ներդրում բերած են զանազան կրօնքներ, քաղաքակրթութիւններ եւ աւանդոյթներ:
Հաղորդագրութեան եզրափակիչ պարբերութեան մէջ հաստատուեցաւ.
«Մենք՝ ներկայացուցիչները այն ժողովուրդին, որ սարսափելի տառապանք ապրելով մէկտեղ քաջաբար պայքարեցաւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, այս բեմէն մեր վճռականութիւնը կը յայտնենք վերականգնելու մեր երկիրը եւ արժանապատիւ ու հանգստաւէտ կեանք ապահովելու Սուրիոյ ժողովուրդին»: