Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ բացումը կատարուեցաւ Հառիճավանքի Թրբանճեան ընծայարանին նոր մասնաշէնքը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ` հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր դասի եւ Թրբանճեան ընտանիքի անդամներու մասնակցութեամբ՝ Յունիս 19-ին բացուած է Հառիճավանքի Թրբանճեան ընծայարանի նոր մասնաշէնքը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Մենք փառք կու տանք երկնաւորին, որ իր շնորհները տուաւ այս հինաւուրց վանական համալիրին: Խորհրդային անաստուածութեան տարիներուն այս վանական համալիրը հռչակուած էր իբրեւ պատմական յուշարձան: Այս վանքին դռները փակուած էին մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակներուն առջեւ: Մեր հոգին այսօր կ՝երգէ ու կը ցնծայ, քանի որ բազում հաւատաւոր զաւակներ իրենց աղօթքը կը բարձրացնեն այս հնամենի տաճարէն:

«Այս նպատակն էր, որ մեզ առաջնորդեց տարիներ առաջ, որպէսզի մենք ձեռնամուխ ըլլանք այս վանական համալիրին մէջ վերականգնելու նաեւ կրթական մշակոյթը: Մենք վստահ ենք, որ այստեղ կրթուող սաներով պէտք է կրկին ծաղկի ու պայծառանայ այս հինաւուրց վանական համալիրը, վանական կեանքը պէտք է ծաղկի այս կամարներէն ներս»,- նշած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` փաստելով, որ ասիկա մասն է այն ընդարձակ ծրագիրին, որ պիտի իրականացուի:

«Ասիկա ծրագիրին առաջին շրջափուլն է` յաջորդը պէտք է ըլլայ վանքի վերանորոգումը եւ տարածքի բարեկարգումը: Միաժամանակ, այնուհետեւ պէտք է կառուցենք այս կրթական հաստատութեան հանրակացարանային հատուածը` մեծցնելով այստեղ ուսանող սաներուն քանակը եւ այս ամէնուն համար մենք մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Թրբանճեան ընտանիքին»,- աւելցուցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են այս ընթացքին:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին Ճերըլտ եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններուն զաւակները` Լորի Մնչըրեանը, Փոլ եւ Կերի Թրբանճեանները եւ իրենց զաւակները: Թրբանճեաններու աջակցութեան շնորհիւ է, որ վերականգնուած է ոչ միայն նոր մասնաշէնքը, այլ նաեւ այն մասնաշէնքը, ուր անցած 5 տարիներուն ընթացքին կրթական ծրագիր իրականացուցած է Թրբանճեան ընծայարանը ու ապահովուած է հաստատութեան կենսագործունէութիւնը:

2012 թուականի Փետրուարին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի որոշումով, Հառիճավանքի դպրոցին մէջ, որ սկսաւ կոչուիլ ընծայարան, կազմակերպուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի նախապատրաստական լսարան. առաջին 8 շրջանաւարտները արդէն 2012-ի Օգոստոսին մասնակցեցան Գէորգեան ճեմարանի ընդունելութեան քննութիւններուն: 2012-2013 թուականի ուսումնական տարիէն` Վեհափառ Տիրոջ տեսիլքին համաձայն, Հառիճավանքի ընծայարանը սկսաւ գործել իբրեւ աւագ դպրոց` իր գիրկը ընդունելով 47 աշակերտ:

«2012 թուականէն, Թրբանճեան ընտանիքի աջակցութեան շնորհիւ՝ այս հաստատութիւնը իր արժանի տեղը գրաւած է Մայր Աթոռի հոգեւոր կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու շարքին: Անցած 5 տարիներուն ընթացքին կրթօճախը ունեցած է 50-էն աւելի շրջանաւարտ, որոնք համալրած են ինչպէս հոգեւոր այնպէս ալ աշխարհիկ կրթօճախները: Այսօր ուրախանալու այլ առիթ ալ ունինք` վերակառուցուած ու նոր շունչ առած է Խրիմեան Հայրիկ կաթողիկոսի կողմէն կառուցուած վեհարանի մասնաշէնքը: Անիկա նոյնպէս պիտի ծառայէ ընծայարանի կարիքներուն»,- իր խօսքին մէջ նշած է Մայր Աթոռի Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը: «Այս ուրախ առիթով՝ մեր որդիական շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Վեհափառ Հայրապետին եւ շատ սիրելի բարերարներուն, որոնց նախանձախնդիր աշխատանքին ու նուիրատուութեան շնորհիւ՝ այսօր ունինք այն, ինչ բոլորս կը վայելենք»,- իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է Արթիկի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Նարեկ վարդապետ Աւագեանը :