Քրիստիան Պէյլ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Համար Պատասխանատւութեան Բացակայութիւնը Նոր Ցեղասպանութիւններ Ծնաւ»

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով մեղաւորներուն պատասխանատւութեան չենթարկելը պատճառ դարձաւ յաջորդող տարիներուն տեղի ունեցած նոր ցեղասպանութիւններու: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին Page Six-­ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է օսքարակիր դերասան, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի գլխաւոր դերակատար Քրիստիան Պէյլ:

«Այս ֆիլմն իր մէջ ինչ ­որ կարեւոր բան կը պարունակէ, որուն պատճառով շատ մարդիկ փորձած են խափանել անոր նկարահանումը»,­-  «Խոստումը» ֆիլմին մասին ըսած է Պէյլ:

Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` դերասանը ընդգծած է. «Մէկ ու կէս միլիոն մարդ սպաննուեցաւ ամենակատաղի ձեւով, ես ոչինչ գիտէի ատոր մասին: Ատիկա անհաւատալի կերպով տարօրինակ է: Սա ժամանակակից պատմութիւն է… Փաստը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է եւ ոչ ոք ատոր համար պատասխանատւութիւն չէ կրած, ատկէ ետք նոր ցեղասպանութիւններու պատճառ դարձաւ»:

«Խոստումը» ֆիլմի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 21-­ին: Հայաստանի կինոթատրոններուն մէջ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 27-էն­:

Համացանցին մէջ ֆիլմը արտադրողները սկսած են #պահէրխոստումը (#keepthepromise) արշաւը, որուն միջոցով ֆիլմին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են երաժիշտ Էլթըն Ճոն, դերասան Սիլվեսթըր Սթալոնէ երգչուհի Շեր, Պարպարա Սթրէյզանտ, Քիմ Քարտաշեան, Ալեքսիս Օհանեան, թենիսիստ Անտրէ Աղասի, դերասաններ Լէոնարտօ Տի Քափրիօ, Ռայան Կոսլինկ, Տին Քէյն եւ Օուեն Ուիլսընը, բասքեթպոլիստ Լուոլ Տենկ եւ այլոք:

«Խոստումը» ֆիլﬕ նկարահանման ծախսերը հոգացած է աﬔրիկահայ գործարար, ﬕլիառատէր Քըրք Քըրքորեան։