Ճուտի Չու. «Ատրպէյճանը էթնիկ զտումներ իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ»

ԱՄՆ կոնգրեսական Ճուտի Չուն յայտարարած է, որ ան կը շարունակէ աշխատիլ Կոնգրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի գործընկերներու հետ, որպէսզի Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիկ զտումներ իրականացնելու եւ աններելի վայրագութիւններուն համար։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան յայտարարած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին նուիրուած՝ «Արդարութիւն յանուն ցեղասպանութեան» խորագրով միջոցառման ընթացքին։

«Ատրպէյճանն էթնիկ զտումներ իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայերու նկատմամբ: Ես ինքս Արցախ այցելելու պատիւ ունեցած եմ։ Ես տեսած եմ այնպիսի անհաւանական մարդկանց՝ ծաղկուն համայնքով, եւ ինծի այնքան ցաւ կը պատճառէ նոյնիսկ միայն մտածելը, որ անոնց քշած են այնտեղէն, եւ որ անոնցմէ շատեր մինչ օրս բանտարկուած են: Այսպիսով, մենք պէտք է ընենք այն ամէնը, ինչ որ կրնանք: Ահա թէ ինչու ես կը շարունակեմ աշխատիլ Կոնգրեսի հայկական հարցերով  յանձնախմբի գործընկերներուս հետ Ատրպէյճանին այս աններելի վայրագութեան համար պատասխանատուութեան ենթարկելու»,- նշած է Չուն։