Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատարած լուսանկարներուն համար սլովենացի լուսանկարիչը ոսկէ մետալի արժանացած է

Սլովաքիոյ մէջ իրականացուող ամենամեայ լուսանկարչական մրցոյթի սեւ-ճերմակ լուսանկարներու ազատ թեմայով բաժինի ոսկէ մետալակիր դարձած է Լիպոր Շփիմրը` Հայաստանի ու Արցախի մէջ կատարած լուսանկարներուն համար:

Մրցանակը ստանալէն ետք՝ «Օրեր» ամսագրին եւ www.orer.eu -ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Լիպոր ըսած է, որ այս մրցանակին համար խորապէս շնորհակալ է ողջ հայ ժողովուրդին ու մարդոց, որոնք յատկապէս Արցախի մէջ աջակցած են իրեն լուսանկարելու այն, ինչ ներկայացուած է մրցոյթին: Լուսանկարիչը նաեւ յայտնած է, որ ցանկութիւն ունի իր ոսկէ մետալը փոխանցել Արցախ:

Յիշեցնենք, որ Լիպոր Շփիմրը նաեւ հեղինակ է Հայաստանի ու Արցախի մասին փաստագրագրական երկու ֆիլմի: