Ազատ ոճի պատանի ըմբիշները 5 մետալ նուաճած են Եւրոպայի առաջնութեան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանիներու հաւաքականը 1 արծաթէ եւ 4 պրօնզէ մետալ նուաճած է Պուխարեսթի մէջ աւարտած Եւրոպայի պատանիներու առաջնութեան: Այս մասին կը յայտնեն ԿԳՄՄ նախարարութենէն։

Հայաստանը խմբային հաշուարկի մէջ յայտնուած է 5-րդ հորիզոնականին:

Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ Եւրոպայի պատանիներու առաջնութեան երկրորդ տեղը զբաղեցուցած է 51 քկ քաշային Նարեկ Յակոբեանը: Յակոբեանը երեք յաղթական գօտեմարտ իրականացուցած է եւ հասած եզրափակիչ, ուր, սակայն, 0-6 հաշուով պարտութիւն կրած է՝ դառնալով ԵԱ-ի արծաթէ մետալակիր:

Պատանիներու Եւրոպայի առաջնութեան պրօնզէ մետալներն ալ նուաճած են 45 քկ քաշային Արման Յարութիւնեանը, 48 քկ քաշային Սաշա Պետրոսեանը, 55 քկ քաշային Արտաւազդ Յարութիւնեանը եւ 65 քկ քաշային Նարեկ Նիկողոսեանը:

Արման Յարութիւնեանը պրօնզէ մետալի համար պայքարին 11-0 հաշուով առաւելութեան հասած է Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Հաչի Զատէի նկատմամբ եւ կանգնած պատուոյ հարթակի երրորդ աստիճանին, իսկ Սաշա Պետրոսեանը 12-0 հաշուով յաղթած է Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Պուրակ Եալչինին եւ դարձած պրօնզէ մետալակիր: Արտաւազդ Յարութիւնեանը պրօնզէ մետալի համար գօտեմարտին մրցած է իտալացի ըմբիշի հետ եւ 10-0 հաշուով յաղթանակ տարած, իսկ Նարեկ Նիկողոսեանը վճռորոշ գօտեմարտին 9-3 հաշուով առաւելութեան հասած է մոլտովացի մրցակիցին նկատմամբ:

Պրօնզէ մետալ նուաճելուն մօտ եղած է նաեւ Ռազմիկ Եփրեմեանը (7-1), սակայն 5-6 հաշուով պարտութիւն կրած է:

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշներն ալ աւելի առաջ 1 արծաթէ եւ 4 պրօնզէ մետալ նուաճած էին Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան: Խմբային հաշուարկով Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը դարձեալ զբաղեցուցած էր 5-րդ հորիզոնականը: