Բրիտանական BBC պարբերականը անդրադարձած է Հայաստանին` աշխարհի մէջ առաջին երկրին, որ 2011 թուականէն դպրոցներուն մէջ ներդրած է ճատրակը (շախմատ) որպէս պարտադիր առարկայ:
«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` յօդուածին մէջ կը նշուի, որ շուրջ երեք միլիոն բնակչութեամբ Հայաստանը մէկ շունչին բաժին հասնող կրանտմասթըրներու թիւով աշխարհի մէջ ամենաբարձր ցուցանիշներէն մէկը ունի:
Յօդուածագիր Էմմա Լեւին պատմութիւնը կը սկսի այսպէս. «Ես թակարդի մէջ էի, շրջապատուած էի բոլոր կողմերէն ու փրկութեան ոչ մէկ ելք կար: Թագաւորի գրաւումը անխուսափելի էր: Ու յանկարծ` «շախ եւ մաթ» յաղթականօրէն յայտարարեց Միքայէլը: Եւ զիս յաղթողը 11-ամեայ տղայ էր»: Ըստ Լեւինի` ատիկա զարմանալի չէր, քանի որ Միքայէլը քանի մը օր առաջ դարձած էր դպրոցներու ճատրակի ողիմբիականի յաղթող: Ան ճատրակ կը խաղայ 5 տարեկանէն, սորված է հայրիկէն ու պապիկէն, յետոյ արդէն դպրոցին մէջ` ճատրակի դասերու ընթացքին: Ճատրակի մէջ անոր հերոսներէն է Լեւոն Արոնեանը: «Միքայէլը կը ցանկայ դառնալ ճատրակի աշխարհի ախոյեան: Ան կը դիտէ ճատրակի միջազգային մրցումները, որպէսզի կատարելագործէ իր կարողութիւնները»,-կ՛ըսէ տղային մայրը սուրճի սեղանի շուրջ:
Երեւանի Շախմատի դպրոց չհասած` Օղակաձեւ այգիին մէջ, Էմմա Լեւինը կը միանայ մարդոց խումբին, որոնք կը դիտէին զրուցատաղաւարի մէջ ճատրակ խաղցող մեծահասակ տղամարդոց, իսկ արդէն Շախմատի տուն կը յայտնուի, սրահի մը մէջ, ուր 200 երեխայ խորասուզուած էր խաղի մէջ: «Սրահին մէջ լռութիւն է, երեխաներու պահուածքը` կատարեալ` առանց պոռթկումներու եւ պառչտուքի: Բոլորը խոր ներգրաւուած են խաղի մէջ` արհեստավարժներուն յատուկ դէմքի լուրջ արտայայտութեամբ: Երեխաները իրենց ամէն շարժունը կ՛արձանագրեն նօթատետրերու մէջ: Յանկարծ տասնամեայ Դաւիթը կը սխալի, արցունքներ կը յայտնուին աչքերուն, անոր ուսը կը գրկէ մօր պէս հոգատար մարզիչ Մարիան, որ ժպտալով կ՛ըսէ. «Ամէն ինչէ զատ անոնք երեխաներ են»,- կը գրէ յօդուածագիրը:
Յետոյ կը նկարագրէ, որ երեխաներուն համբերատար կը սպասեն անոնց ծնողները, տատիկներն ու քեռի-հօրեղբայրները, ու անկախ ելքէն` յաղթանակ, պարտութիւն կամ ոչ-ոքի, բոլորն ալ գրկախառնութեան կ՛արժանանան:
Էմմա Լեւինի աչքէն չէր վրիպած, որ Շախմատի տան դիմաց 1963-1969 թուականներու աշխարհի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի կիսանդրին է: «Հայաստան միշտ օգտուած է ճատրակի հետ ունեցած ամուր կապերէն, բայց Տիգրանին յաղթանակները յեղափոխական էին մեզի համար»,-լրագրողին ըսած է Հայաստանի Շախմատի ակադեմիայի նախագահ Սմբատ Լպուտեանը:
Յօդուածագիրին խօսքով` Լպուտեան դպրոցներու մէջ ճատրակը որպէս պարտադիր առարկայ դարձնելու գործընթացին մէջ շարժիչ ուժ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի աջակցութեամբ: «Ո՞րն էր պատճառը» հարցումին Լպուտեան կը պատասխանէ. «Ճատրակը արդար խաղ է, երեխաները, սորվելով մաքուր եւ պատուաւոր այս խաղը, լաւ վարքագիծ ձեռք կը բերեն: Երեխան կրնայ ընդունիլ ռազմավարական որոշումներ` կը կշռադատէ իրավիճակը, ապա քայլ կը կատարէ: Կը կարծեմ` սա շատ մեծ օգուտ է հասարակութեան համար»:
Յօդուածին մէջ կը ներկայացուի, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդէ աւելի քան 3 հազար որակաւորուած ճատրակի ուսուցիչ: Ըստ Լպուտեանի` շատ երկիրներ եւս կը ցանկանան ընթանալ այս ուղիով: Օրերս ալ աշխատանքներու սկսած է Շախմատի գիտահետազօտական հիմնարկը, ուր ընկերաբանները, հոգեբաններն ու այլ մասնագէտներ կ’ուսումնասիրեն ճատրակի ազդեցութիւնը սորվելու գործընթացի վրայ:
«Այս ամէնուն շնորհիւ Միքայէլն ու հազարաւոր երեխաներ կ՛օգնեն Հայաստանին տեղաւորուելու ճատրակի աշխարհի քարտէզին վրայ: Ես գոնէ կրնամ մխիթարուիլ, որ ինծի յաղթած է ապագայ կրանտմասթըրը»,-պատմութիւնը կ՛եզրափակէ Էմմա Լեւին: