Դէպի Աշխարհի Ախոյեանութիւն

Հինգշաբթի՝ 3 Մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, ընտանեկան պարագաներուս հետ կ’ուղղուէինք դէպի Casino de Montréal. Մեր ծրագիրը բախտերնիս փորձելը չէր, ոչ ալ ընտանիքիս անդամներու խաղամոլութեան ծանօթացնելը:

«Cabaret»-ին մէջ կռփամարտի մրցումի ներկայ ըլլալն էր մեր նպատակը:

Պիտի մտածէք թէ երբուընէ՞ ի վեր այսպիսի կռփամարտի հանդէպ սէր մը առթնցեր է իմ մէջ:

Շատ պարզ էր մեր հետաքրքրութեան պատճառը: Թ.Մ.Մ.-ի բարեկամ եւ ստորագրեալիս բարեկամ բռնցքամարտիկ Էրիք Պազինեանի ախոյեանական մրցումին ներկայ ըլլալն էր:

Հայ մարզիկը 18 տարեկանէն սկսաւ մրցիլ իբրեւ՝ արհեստավարժ (professional) վերջ դնելով 109-1 արդիւնքով իր սիրողական շրջանին:

Էրիք Պազինեան վերջին 8 տարիներու ընթացքին ունեցած 26 «professional» մրցումներ, բոլորն ալ աւարտած էին հայ մարզիկին յաղթանակով, որոնցմէ 20-ը TKO-ով (Technical Knock-out) մրցակիցին տապալելով:

Եռագոյնները հետերնիս առած տեղաւորուեցանք հետեւելու հայ մարզիկին դէմ ելլող Մեքսիքացի Reinaldo Paniagua 17-1 super middle-weight 10 «րաունտնոց» մրցումին:

Մրցումէն առաջ Էրիքը իր կշիռին մէջ կը նկատուէր լաւագոյն 8-ի աղիւսակին մէջ: Յաղթանակի պարագային պիտի այսպէս կոչուած Challenger նկատուէր աշխարհի ախոյեանութեան. ուրեմն շատ կարեւոր մրցում մըն էր որուն դրական արդիւնքը Էրիքին պիտի մօտեցնէր ախոյեանութեան: Երեկոն 6 մրցումներէ կազմուած էր որոնցմէ վերջինն էր ERIK/REINALDO 10 «րաունտնոց» մրցումը:

Մարտը սկսաւ աւելի հասակաւոր  ERIK-ի եւ աւելի կարճահասակ բայց հուժկու REINALDO-ի միջեւ:

«Րաունտերը» կ’աւարտէին Էրիքի դիպուկ շարունակական հարուածներով, որոնք կ’ընդմիջուէին մեքսիքացիի բուռն հակահարուածներով:

Հայ մարզիկը կը տիրապետէր խաղին ու անխնայ կը պատժէր մրցակիցին, որը այսպէս կոչուած պատի պէս կը դիմանար այդ դառն վերաբերմունքին «Էրիք, Էրիք» կամ «Պազինեան, Պազինեան» ներկաները կը քաջալերէին Էրիքին, մի քանի եռագոյններ ալ կը ծածանէին ներկաներուն մէջ: Մօտաւորապէս 500-600 ներկաներուն մէջ յստակ չէր թէ որքան էր հայ ներկաներու թիւը:

7-րդ եւ 8-րդ «րաունտ»երուն, Էրիքը կը տիրապետէր մարտին… եւ յանկարծ ժողովուրդէն մեծ մաս մը սկսան «Հայաստան, Հայաստան» գոռալ:

Կը հաւատամ, որ մեր հայ մարզիկը հայերէնով այդ քաջալերանքը ընկալեց ու ահա 9-րդ «րաունտ»ին ան սկսաւ անխնայ կերպով ցնցել իր մրցակիցին:

Երկար չտեւեց եւ իրաւարարը մէկ վայրկեան յետոյ TKO-ով մրցումը կեցուց:

Պազինեան իր անպարտ յաղթանակներու շարքը հասցնելով 27-ի:

Հպարտ եւ ուրախ տուն վերադարձանք այն ակնկալութեամբ որ մօտերս կը տեսնենք մեր բարեկամ Էրիքը իբրեւ Super Middle weight աշխարհի ախոյեան:

Արթօ Մանուկեան