Կարէն Խաչանով արձանագրելով իր երկրորդ յաղթանակը պիտի մրցի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ

Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, Չորեքշաբթի՝ 19 Յունուար 2022-ին, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 6-4, 6-0 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Պենժամին Պոնզին: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 4 վայրկեան:

Այս մրցաշարքին 28-րդ դասուած Խաչանով Գ. հանգրուանին պիտի ճակատի 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած եւ այս մրցաշարքին գծով 6-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ:

Նատալ երէկ իր յաղթանակը արձանագրեց գերմանացի Եաննիք Հանֆմանի դէմ` 6-2, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով: