Հայ մարմնամարզիկները աշխարհի բաժակի ախոյեաններ են

Տոհայի մէջ ընթացող աշխարհի բաժակի խաղարկութեան հերթական փուլի օղակներու վարժութեան՝ Վահագն Դաւթեան հաւաքելով 14.700 միաւոր գրաւեց առաջին տեղը, իսկ Արթուր Աւետիսեանը՝ 14.500 միաւորով երկրորդն է:

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւթեանը դարձաւ ոսկիէ, իսկ Արթուր Աւետիսեանը արծաթէ մեդալակիր աշխարհի բաժակի խաղարկութեան:

Նախապէս աշխարհի բաժակի խաղարկութեան նժոյգ-թափերու վարժութեան Յարութիւն Մերտինեան դարձած էր պրօնզէ մեդալակիր:

Աւարտին յիշենք, որ վերջերս տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն պրօնզէ մեդալակիր Արթուր Դաւթեանն ալ աշխարհի բաժակի խաղարկութեան գերմանական փուլին նուաճած էր ոսկիէ մետալ։