Մալխաս Ամոյեանը՝ 2021 տարուան յառաջատարը 72 քկ քաշային կարգի մէջ. UWW

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը (UWW) ամփոփած է տարին՝ ներկայացնելով ըստ քաշային կարգերու յառաջատարները, եւ բաշխելով 600 հազար տոլար պարգեւավճարներու ֆոնտը։ Այս մասին կը տեղեկանանք News.am-էն:

Հայաստանի հաւաքականներէն վարկանիշային ցուցակի մէջ է միայն յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի փոխախոյեան, աշխարհի ախոյեան, 72 քկ քաշային Մալխաս Ամոյեանը։ Աշխարհի առաջնութեան ոսկէ մետալի համար ան ստացած է 60 միաւոր, Եւրոպայի առաջնութեան արծաթէ մետալի համար՝ 18 միաւոր։

Մալխաս Ամոյեանը միջազգային ֆետերացիոնէն կը ստանայ 10 հազար տոլար։ Այս քաշային կարգի մէջ երկրորդը Լեհաստանի ներկայացուցիչ Գէորգ Սահակեանն է։